2026 թուականի Յունիս 13-ին Լիբանանի Ճիւնի քաղաքին մէջ հանդիսաւոր կերպով բացուեցաւ «Կենաց ծառ» յուշակոթողը, որ նուիրուած է Հայերու ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակին եւ կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի յաւերժութիւնը, հաւատքն ու վերածնունդը։
Զմմառի Պատրիարքական միաբանութեան եւ Ճիւնիի քաղաքապետարանի համագործակցութեամբ իրականացուած այս նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչուեցաւ տէր եւ տիկին Սարգիս ու Ժիւլի Պուտագեաններու նուիրատուութեամբ։ Յուշակոթողի բացման արարողութեան մասնակցեցան հոգեւոր, քաղաքական եւ մշակութային գործիչներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հայ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ։
Յուշակոթողի կեդրոնական խորհրդանիշը «Կենաց ծառն» է, որուն խոր արմատները կը մարմնաւորեն հայ ժողովուրդի անսասան հաւատքն ու պատմական գոյութիւնը, մինչ դէպի երկինք բարձրացող ճիւղերը կը խորհրդանշեն նոր կեանքը, սրբութիւնը եւ յարութեան գաղափարը։ Կոթողը նուիրուած է նաեւ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասման յիշատակին։
Միջոցառման ընթացքին շեշտուեցաւ հայ ժողովուրդի դարաւոր ներկայութիւնն ու ներդրումը Լիբանանի զարգացման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ կարեւորուեցաւ Հայերու ցեղասպանութեան յիշողութեան պահպանման եւ պատմական արդարութեան հաստատման անհրաժեշտութիւնը։
Այսուհետեւ Ճիւնիի կեդրոնին մէջ կանգուն «Կենաց ծառ» յուշակոթողը պիտի ծառայէ որպէս յիշատակի վայր, հայ-լիբանանեան բարեկամութեան խորհրդանիշ եւ Հայ Դատի պահանջատիրութեան մնայուն վկայութիւն։
