
ՀԱՅ ՎԵԹԵՐԱՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱՋԱԿՑՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻԱՒՈՐՈՒՄ
ՖՐԱՆՍԱՑԻ ՎԵԹԵՐԱՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԾԱԳՈՒՄՈՎ ԴԻՄԱԴՐՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻԱՒՈՐՈՒՄ
ԵԹԷ 18-78 ՏԱՐԵԿԱՆ էՔ ԵՒ ՈՒՆԻՔ ՔԻՉ ՄԸ ԱԶԱՏ ԺԱՄԱՆԱԿ, ԱՊԱ ԿԱՐԵԼԻ Է ՄԻԱՆԱԼ
«ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՊԱՀՊԱՆՆԵՐՈՒՆ»
ՊԱՏԻՒ – ՀԱՅՐԵՆԻՔ – ԵՂԲԱՅՐՈՒԹԻՒՆ
Ձեր առաքելութիւնն է՝ պաշտօնական արարողութիւններուն ընթացքին բարձրացնել Ֆրանսայի կամ Արեւմտեան Հայաստանի դրօշը։
«Յիշատակին Պահապանները»՝ իրենց ներկայութեամբ պաշտօնական եւ յիշատակի արարողութիւններուն, ուր մասնակցութիւն կ’ունենան տարբեր կազմակերպութիւններ, կը պատուեն այն հայ զինուորները եւ կամաւորները, որոնք 1916 թուականէն սկսեալ մինչեւ մեր օրերը իրենց կեանքը վտանգի տակ դրած են՝ պաշտպանելու համար ֆիզիկական սպառնալիքի ենթարկուած քաղաքացիական բնակչութիւնը։
Կը խնդրենք չուշանալ կապուելու համար նախագահ Ժան ՂԱԶԱՐՈՍԵԱՆ-ի հետ՝ jean.ghazarossian@orange.fr հասցէով՝ աւելի մանրամասն տեղեկութիւններու համար։
