Արեւմտեան Հայաստանի Կառավարութիւնը նշեց իր հիմնադրութեան 15 ամեակը. Շողեր Պիլէմճեան

  • by Editbeglari, February 11, 2026 in Լուրեր
134 դիտում

Փետրուար 4-ին Արեւմտեան Հայաստանի Կառավարութիւնը նշեց իր հիմնադրութեան 15-ամեակը։ Հանդիսաւոր ժողովի ընթացքին ներկայացուեցան կառոյցին պատմութիւնը, արձանագրուած ձեռքբերումները եւ հայ ժողովուրդի ինքնութեան պահպանման ուղիները։

Ելոյթով հանդէս եկաւ Արեւմտեան Հայաստանի Կառավարութեան խօսնակ Շողեր Պիլէմճեան, ով շեշտեց, թէ կառավարութիւնը ստեղծուած է ոչ միայն իբր գործադիր մարմին, այլ՝ որպէս հայ ժողովուրդի իրաւունքներու, մշակոյթի եւ ազգային ժառանգութեան պաշտպանութեան կառոյց։ Ան յիշեցուց, որ կառոյցը հիմնադրուած է 2011 թուականին Փարիզի մէջ, իսկ 2013-էն ի վեր իր գործունէութիւնը հիմնականօրէն շարունակած է Արցախէն եւ Երեւանէն։

Շողեր Պիլէմճեան ընդգծեց, որ կառավարութեան առաքելութիւնը կը ներառէ ոչ միայն ազգային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, այլ նաեւ գործուն մասնակցութիւնը քաղաքական եւ մշակութային տեղական դաշտերուն մէջ։ Ան նշեց, թէ որոշ քաղաքական ուժեր չեն ուզեր, որ Արեւմտեան Հայաստանի հայութիւնը գոյատեւէ որպէս ինքնուրոյն միաւոր, սակայն կառավարութիւնը պիտի շարունակէ հետեւողական աշխատանքը՝ հայ ժողովուրդի իրաւունքներն ու ժառանգութիւնը պահպանելու ուղղութեամբ։

Հանդիսաւոր ժողովին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Լիտիա Մարկոսեան, ով յիշեցուց, թէ ցեղասպանութիւնը երբեք չէ խախտած հայ ժողովուրդի իրաւական եւ քաղաքական ինքնութիւնը՝ ընդգծելով, որ պետութիւնը չի վերանար միայն այն պատճառով, որ կը գտնուի բռնագրաւման տակ։

Եւս մէկ անգամ անդրադառնալով ազգի պարտաւորութիւններուն՝ նոր սերունդներուն հանդէպ, Շողեր Պիլէմճեան կոչ ուղղեց պահպանելու հայկական ինքնութիւնը, հաւատալու Արեւմտեան Հայաստանի Կառավարութեան ուժին եւ շարունակելու այն աշխատանքը, որ կամուրջ կը հանդիսանայ անցեալի եւ ներկայի միջեւ։