Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան նիստը Երեւանի մէջ․ Մաս 2

  • by Editbeglari, June 16, 2026 in Լուրեր
83 դիտում

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Երեւանի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ Կառավարութեան հերթական նիստը։ Նիստը բացաւ Հանրապետութեան նախագահ Արմենակ Աբրահամեան, որ ներկայացուց Ազգային ժողովի վերջին նստաշրջանին ընթացքին Կառավարութեան գործունէութեան հաշուետուութիւնն ու իրականացուած աշխատանքները։

Այնուհետեւ խօսքը տրուեցաւ Ազգային ժողովի նախագահ Նելլի Յարութիւնեանին։ Ան բարձր գնահատեց Կառավարութեան կատարած աշխատանքը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Կառավարութեան անդամներուն՝ պետական ու ազգային նշանակութեան ծրագիրներու իրականացման համար։

Նիստին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը ինքզինք կը դիտարկէ որպէս 1920 թուականին միջազգային ճանաչում ստացած հայկական պետականութեան շարունակական իրաւայաջորդը։ Նշուեցաւ նաեւ, որ կառոյցին կարեւոր նպատակներէն մէկը միջազգային հանրութեան ներկայացնելն է Արեւմտեան Հայաստանի հայութեան ինքնորոշման իրաւունքն ու անոր իրաւաքաղաքական հիմքերը։

Նիստին ներկայացուեցաւ նաեւ Հանրապետութեան վարչապետ Լիտիա Մարկոսեանի ուղերձը, որ հրապարակեց Կառավարութեան խօսնակ Շողեր Պիլէմճեան։ Ուղերձին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ ազգային միասնութեան, պետական մտածողութեան եւ հայկական իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներուն։

Կառավարութեան նիստին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ յառաջիկայ ծրագիրներն ու ազգային նշանակութեան նախաձեռնութիւնները, որոնք միտուած են Արեւմտեան Հայաստանի պատմական, մշակութային եւ քաղաքական ժառանգութեան պահպանման ու ներկայացման։