Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 106-րդ տարեդարձը

  • by Editbeglari, January 24, 2026 in Լուրեր
146 դիտում

2026 թուականի Յունուար 19-ին նշուեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 106-րդ տարեդարձը։ Տարեդարձին նուիրուած հանդիսաւոր միջոցառման մասնակցեցան Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, կառավարութեան անդամներ, հասարակական գործիչներ եւ հայ հանրութեան ներկայացուցիչներ։

Միջոցառման ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմենակ Աբրահամեանը։ Իր խօսքին մէջ ան ընդգծեց, որ թէեւ հայկական հարցը յաճախ կը շրջանցուի կամ լռութեան կը մատնուի որոշ լրատուամիջոցներու կողմէ, Արեւմտեան Հայաստանի հայութիւնը պիտի շարունակէ իր ձայնը բարձրացնել թէ՛ աշխարհի, թէ՛ համաշխարհային հայութեան առջեւ։ Նախագահը շեշտեց, որ որքան ալ փորձ կատարուի ճնշելու կամ ժխտելու Արևմտեան Հայաստանի հայութեան գոյութիւնը, հայ ժողովուրդը գոյութիւն ունի եւ պիտի շարունակէ իր արդար պայքարը։

Արմենակ Աբրահամեանը յատկապէս շեշտեց, որ Արևմտեան Հայաստանի հայութիւնը պարտաւոր է պահպանել իր ազգային ինքնութիւնը, պատմութիւնը, մշակոյթը, աշխարհագրական յիշողութիւնը եւ բնութիւնը՝ զուգահեռաբար շարունակելով իր իրաւական պայքարը։ Անոր խօսքով՝ այսօր, թէեւ պատմական տարածքները կը գտնուին օտար պետութիւններու վերահսկողութեան տակ, այդ իրողութիւնը չի կրնար վերացնել հայ ժողովուրդի պետական իրաւունքները եւ պատմական ճշմարտութիւնը։

Ելոյթին մէջ նաեւ նշուեցաւ, որ գոյութիւն ունին ուժեր, որոնք կը փորձեն ժխտել Արևմտեան Հայաստանի հայութեան իրաւունքներն ու պատմական ներկայութիւնը։ Սակայն իրական Հայաստանը այն հայութիւնն է, որ մինչեւ այսօր պաշտպանած է իր ինքնութիւնը եւ ունի ապրելու, զարգանալու, ընտանիք կազմելու ու իր զաւակներու ապագան կերտելու անքակտելի իրաւունքը։

Նախագահը անդրադարձաւ նաեւ ազգային պատուիրակութեան ձեւաւորման պատմական նշանակութեան՝ ընդգծելով, որ Պօղոս Նուպարի նախաձեռնութեամբ ստեղծուած ազգային պատուիրակութիւնը վճռական դեր ունեցած է Հայերու ցեղասպանութեան տարիներուն եւ յետագային՝ միջազգային հարթակներու վրայ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին մէջ։ Այդ պատուիրակութեան հիմնական նպատակն էր Արեւմտեան Հայաստանի պետականութեան գաղափարի պահպանումը եւ իրաւական շարունակականութեան ապահովումը։

Միջոցառման աւարտին վերահաստատուեցաւ, որ անկախութեան գաղափարը կենդանի է, եւ պայքարը պիտի շարունակուի մինչեւ պատմական արդարութեան վերականգնումը եւ հայրենի տարածքներու ազատագրումը։