
Քաջարան քաղաքի եւ ֆրանսական Սեն-Շամոն քաղաքի քոյրացման առիթով կազմակերպուած միջոցառման ընթացքին Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմենակ Աբրահամեան հանդէս եկաւ շնորհակալական եւ միաժամանակ քաղաքական ուղերձով։
Արմենակ Աբրահամեան իր խօսքին մէջ առանձնայատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Սեն-Շամոն քաղաքի քաղաքապետին, ինչպէս նաեւ Քաջարան եւ Գորիս քաղաքներու քաղաքապետներուն՝ նման եղբայրական հանդիպում մը իրականացնելու եւ համագործակցութեան յուշագիրը ստորագրելու համար։
Արմենակ Աբրահամեան յիշեցուց, որ հայ–ֆրանսական յարաբերութիւնները պատմական խոր արմատներ ունին՝ սկսած Կիլիկիայէն մինչեւ մեր օրերը․
«Ֆրանսայի հետ մեր կապերը սկսած են դեռ Կիլիկիայէն, այսօր ալ կը շարունակուին Քաջարանի մէջ, եւ սա չափազանց կարեւոր եւ խորհրդանշական է», — նշեց Արմենակ Աբրահամեան։
Իր ելոյթին մէջ ան անդրադարձաւ Սիւնիքի բարդ իրավիճակին՝ ընդգծելով, որ տարածաշրջանը ներկայիս աւելի քան երբեք միջազգային աջակցութեան եւ ուշադրութեան կարիք ունի։ Անոր խօսքով, Սեն-Շամոն քաղաքի քաղաքապետին նախաձեռնութիւններն ու պատրաստակամութիւնը մեծ նշանակութիւն ունին ոչ միայն առանձին համայնքներուն, այլեւ ամբողջ Հայաստանի համար․
«Սա շատ կարեւոր է ինչպէս հայ ժողովուրդին, այնպէս ալ Հայաստանի համար», — ընդգծեց Արմենակ Աբրահամեան։
