Կանանց միամսեակի առիթով՝ Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութեան խօսնակի ուղերձը

  • by Editbeglari, March 19, 2026 in Լուրեր
114 դիտում

Կանանց միամսեակի ծիրին մէջ ելոյթ ունեցած է Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութեան խօսնակ Շողեր Պիլէմճեան՝ ընդգծելով կիներու կարեւոր դերակատարութիւնը հասարակութեան զարգացման եւ խաղաղութեան պահպանման մէջ։

Խօսնակը նշած է, որ կիներու իրաւունքներուն համար պայքարը սկիզբ առած է տակաւին 19-րդ դարէն, իսկ հայ կիները նշանակալի ներդրում ունեցած են ազգային կեանքին մէջ՝ թէ՛ կրթական եւ թէ՛ ազատագրական շարժումներուն մէջ։ Ան առանձնայատուկ կերպով շեշտած է նաեւ ֆետայական շարժման կիներու քաջութիւնն ու անձնազոհութիւնը։

Շողեր Պիլէմճեանի խօսքով՝ այսօր, տարածաշրջանային լարուած պայմաններուն մէջ, խաղաղութեան հասնելու միակ ճանապարհը փոխադարձ յարգանքն ու համագործակցութիւնն են։

Ելոյթի աւարտին, Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութեան անունով շնորհաւորական ուղերձ յղուած է Իրանի նորընտիր նախագահին՝ մաղթելով ուժ եւ տոկունութիւն, ինչպէս նաեւ խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն։