2026 թուականի Մարտի 18-ին տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) 9-րդ նիստը՝ ժամը 21:30-էն մինչեւ 22:35։
Ընտրուած 53 պատգամաւորներէն նիստին մասնակցեցան 11-ը՝ համացանցային կապի միջոցով։
Նիստի ընթացքին նախ ընդունուեցաւ օրակարգը, ապա Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմենակ Աբրահամեան անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ ապրող 40–50 հազար հայերուն՝ շեշտելով անոնց աջակցելու անհրաժեշտութիւնը՝ անկախ արտաքին սպառնալիքներէ եւ ներքին տարաձայնութիւններէ։
Նախագահը նաեւ կարեւորեց Մարտի 21-ին նախատեսուած՝ Հայոց Նոր Տարին նուիրուած Zoom հանդիպումը եւ անոր խորհուրդը։
Նիստի ընթացքին քննարկուեցան ոչ նիւթական մշակութային արժէքներու ցուցակներու կազման չափորոշիչները, ինչպէս նաեւ անոնց հաստատման գործընթացը։
Նիստը ամփոփեց պատգամաւոր Մարիեթա Տումիկեան։
