Արցախի յանձնաժողովի գործունէութեան համառօտ հաշուետուութիւն․ Աշոտ Յարութիւնեան

  • by Editbeglari, June 16, 2026 in Լուրեր
90 դիտում

Հաշուետու ժամանակահատուածին Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Արցախի Յանձնաժողովը շարունակեց իր գործունէութիւնը՝ ուղղուած Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան, ինչպէս նաեւ բռնի տեղահանուած արցախահայութեան իրաւաքաղաքական իրազեկման աշխատանքներուն։

Այդ նպատակով համագործակցութեան եւ համատեղ գործունէութեան կարելիութիւններ քննարկուեցան շարք մը կառոյցներու եւ հասարակական նախաձեռնութիւններու հետ, ներառեալ՝ Արցախի մշակութային ժառանգութեան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերով զբաղող խումբերու, Յովիկ Աւանեսովի, «Կաճառ» գիտական կեդրոն ՀԿ-ի, Արցախի Հանրապետութեան Հանրային խորհուրդի մշակութային ժառանգութեան յանձնաժողովին, «Հայերու Հայրենիք» կուսակցութեան, Քոմանդոսի անուան «Քաղխորհուրդ»-ին, ինչպէս նաեւ ազգային եւ հասարակական այլ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ։

Յանձնաժողովի անդամներուն կողմէ իրականացուեցաւ աշխուժ հրապարակախօսական գործունէութիւն։ Հրապարակուեցան 100-է աւելի յօդուածներ եւ վերլուծական նիւթեր, որոնց հիմնական նպատակներն էին՝

• Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան իրաւունքներուն վերաբերեալ իրազեկութեան բարձրացումը,
• Արցախի ժողովուրդի բնիկութեան իրաւունքի հիմնաւորման եւ հանրայնացման աշխատանքները,
• բռնի տեղահանուած արցախահայութեան շրջանին մէջ բնիկութեան տեսլականի ներկայացումը,
• միջազգային իրաւական հարթակներու վրայ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան կարելիութիւններու լուսաբանումը,
• հանրութիւնը տեղեկացնելը Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանին մէջ իրականացուող այն աշխատանքներուն մասին, որոնք առնչուած են Արցախի հարցին եւ կը կատարուին Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ։

Յանձնաժողովի գործունէութեան վրայ որոշ ազդեցութիւն ունեցան Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ընթացող ներքաղաքական եւ ընտրական գործընթացները։ Այդ ժամանակաշրջանին արցախահայութիւնը, ինչպէս նաեւ ՀՀ հասարակութեան այլ հատուածներ, ունեցած են տարբեր քաղաքական նախընտրութիւններ եւ ներգրաւուածութիւն տարբեր քաղաքական ուժերու գործունէութեան մէջ, ինչի հետեւանքով արցախահայութեան տարբեր խումբեր յաճախ գտնուած են տարբեր, երբեմն ալ իրարու հակադիր քաղաքական դիրքորոշումներու շրջանակներուն մէջ։

Այս պայմաններուն մէջ Յանձնաժողովը նպատակայարմար նկատեց պահպանել քաղաքական չէզոքութիւն՝ յարգելով իւրաքանչիւր քաղաքացիի ազատ կամարտայայտման եւ քաղաքական ընտրութեան բնական իրաւունքը։ Յանձնաժողովը հետեւողականօրէն խուսափեցաւ որեւէ քաղաքական ուժի օգտին կամ դէմ գործունէութենէ՝ առաջնահերթ նկատելով Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ համախմբման խնդիրը։

Միեւնոյն ժամանակ, տեղեկատուական եւ հանրային քննարկումներու ընթացքին պարբերաբար ուշադրութեան հրաւիրուեցաւ այն հանգամանքը, որ ընտրական գործընթացներուն մասնակցող քաղաքական ուժերու մեծամասնութեան ծրագիրներուն մէջ Արցախի բռնի տեղահանուած բնակչութեան անհատական եւ հաւաքական իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերը համարժէք տեղ չեն գրաւած։ Այդ պատճառով Յանձնաժողովը հետեւողականօրէն ընդգծեց, որ Արցախի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւնը պէտք է դիտարկուի ոչ թէ կուսակցական պայքարի, այլ համազգային իրաւապաշտպան օրակարգի շրջանակին մէջ՝ հիմնուած բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներուն, պատմական արդարութեան վերականգնման եւ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն վրայ։

Յանձնաժողովը նաեւ կարեւոր նկատեց Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ ձեւաւորուող իրաւապաշտպան օրակարգը՝ զայն դիտարկելով որպէս միջազգային իրաւունքի հարթակներուն վրայ Արցախի եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի անօտարելի իրաւունքներու պաշտպանութեան հնարաւոր ուղղութիւններէն մէկը։ Այս համածիրին մէջ Յանձնաժողովը պիտի շարունակէ նպաստել իրաւական, գիտական եւ տեղեկատուական աշխատանքներու զարգացման՝ միտուած Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանութեան եւ ազգային շահերու առաջմղման գործին։