Արեւմտեան Հայաստանի յարգելի ու սիրելի բարեկամներ,
Եկաւ կրկին Մարտի 21-ը՝ գարնանային գիշերահաւասարի օրը։ Երկինքը, երկիրը և ծովը անցան ծննդաբերական վիճակին, ծովէն բարձրաձաւ եղեգնեայ ցողուն, որ վառեցաւ կրակով մը ու այս կրակէն ծնաւ Վահագնը՝, մազերը կրակոտ, մօրուքը բոցեղէն, աչքերը արեգակի նման։ Վահագնի ծնունդով ալ սկսաւ Արեգ ամսուան Արեգ օրը կրկին մեր նոր տարին։
Սիրելի հայութիւն, շնորհաւոր ձեր Ամանորը, որը Արեւմտեան Հայաստանի պետութեան կողմէ նշանակուած է հայոց Նոր Տարի։ Շնորհակալութիւն Արեւմտեան Հայաստանի պետութեան։
Կարելի է իւրաքանչիւր տարի նշել Նոր Տարին, ունենալ բարի մաղթանքներ եւ խոստումներ նոր բարի ծրագիրներու մասին։ Բայց որպէսզի Նոր Տարին դառնայ վերածնունդի մը, պէտք է Վահագնը ծնի մեր մէջ։
«Եթէ Քրիստոսը հազար անգամ ծնի Բեթղեհէմի մէջ եւ ոչ թէ ձեր մէջ, դուք կը մնաք յաւերժ կորած։» կ՛ըսէ ԺԷ դարու հանրաճանաչ բանաստեղծ ու աստուածաբան
Անգելուս Սիլեզիուսը։
Պէտք է դուրս գալ սովորոյթներէն ու աւանդութիւններէն ու կեդրոնանանք մեր ներքին աշխարհի վրայ։ Խորհրդանիշները էական են մեզ միշտ յիշեցնելու մեր իրական առաքելութեան մասին, որն է վերադարձ դէպի աստուածային արքայութիւն։ Ապրինք այնպէս, որ մենք մեզ նիւթական աշխարհի ձգտումերէն հեռացնենք, մեր մէջի կարօտը դէպի բարձրագոյնը արթնցնենք, մեր հոգին անցնի ծննդաբերական վիճակի, որպէսզի մեր մէջ Քրիստոսի կամ Վահագնի ծնունդը կարելի ըլլայ, այսինքն վերափոխուինք դէպի բարձրագոյնը։ Սա հոգու ու ոգու իրական միութիւն է, իրական վերածնունդ մը։
Այս առումով կարելի է կրկնել նաեւ, որ Արեւմտեան Հայաստանը «մարդկութեան ոգեղէն փորձութեան դաշտ, ճշմարտութեան մարմնացման վայր» է, ուր արդարութիւնը և ճշմարտութիւնը պէտք է մարմնաւորուի, իսկ Արեւմտեան Հայաստանի պետականութիւնը՝ այդ առաքելութեան իրականացման մղիջ ուժն է։
Թող մեր Նոր Տարին մեր ներքին զարգացման խթանը դառնայ, քայլ առ քայլ, միշտ աւելի յառաջդիմութիւն ունենալով։ Թող Վահագնը կամ Քրիստոսը կարենայ ծնիլ մեր մէջ, հետեւաբար Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, պատգամ յղելով մարդկութեան՝ դէպի լաւը, դէպի լոյսի վերափոխման։
Շնորհաւոր Մարտի 21:
Մասիս Ինճիճեան
21.03.2026
