Արեւմտեան Հայաստանի մասին խօսիլը միայն պատմական հայրենիքի մասին խօսիլ չէ․ ան ազգային ինքնութեան, յիշողութեան եւ պատասխանատուութեան հարց է։ Այսօր բազմաթիւ հայեր, ներառեալ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու մեծ մասը, իրենց արմատներով արեւմտահայ են, սակայն այդ գիտակցութիւնը յաճախ երկրորդական կը մնայ։
Իր ելոյթին ընթացքին Վազգէն Սիսլեան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է վերարժեւորել Արեւմտեան Հայաստանի նշանակութիւնը եւ զայն դարձնել համահայկական օրակարգի կարեւոր բաղադրիչ մը։ Ան ընդգծեց, որ իւրաքանչիւր հայ պէտք է գիտակցի իր կապը պատմական հայրենիքին հետ եւ իր դերակատարութիւնը ազգային նպատակներու իրականացման մէջ։
Վազգէն Սիսլեան կոչ ուղղեց համախմբուելու ազգային գաղափարներու շուրջ, միաւորելու ջանքերը եւ վերադառնալու սեփական արմատներուն՝ ամրապնդելով համահայկական միասնականութիւնն ու ազգային պատասխանատուութեան զգացումը։
