ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու խորհրդատուական եւ գործադիր մարմիններու հերթական նիստերը կը կայանան 2022-ին՝ Հայաստանի մէջ

  • by Éditeur, September 16, 2021 in Միջազգային Քաղաքականութիւն
457 դիտում

Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան մամուլի ծառայութիւնը:

«2022 թուականի առաջին կիսամեակին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տեղի կ՛ունենայ արտաքին գործերու նախարարներու խորհուրդի, պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի,  Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու կոմիտէի հերթական նիստերը: Այս առիթով առանձին արարողակարգային որոշում կայացած է»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: