Հայկական պետականութեան միջազգային ճանաչման ուղին եւ իրաւական շարունակականութեան սկզբունքը․ Լիտիա Մարկոսեան

  • by Editbeglari, February 07, 2026 in Լուրեր
115 դիտում

Պօղոս Նուպար Փաշան պարզապէս հանճարեղ քաղաքական ռազմավար մը չէր դասական իմաստով, սակայն խորապէս ըմբռնած էր հիմնարար ճշմարտութիւն մը․ ցեղասպանութեան հետեւանքով աշխարհով մէկ սփռուած հայերը պարզապէս փախստականներու զանգուած մը չէին, այլ՝ քաղաքական իրաւունքներ ունեցող ժողովուրդ։ Այդ գիտակցութեամբ ան գլխաւորեց Հայկական Ազգային Պատուիրակութիւնը՝ իր առջեւ դնելով հիմնական նպատակ մը՝ հայկական պետականութեան վերականգնումն ու միջազգային ճանաչումը։

Հայկական հարցը միջազգային հարթակներուն վրայ առաջ մղելու ընթացքին առանցքային էր այն գաղափարը, թէ նոյնիսկ պետականութիւն չունեցող ժողովուրդը կրնայ եւ պարտաւոր է ներկայանալ որպէս քաղաքական գործօն։ Ցեղասպանութենէն ետք միլիոնաւոր հայեր ցրուած էին աշխարհով մէկ, սակայն այդ իրողութիւնը չէր նշանակեր, որ հայ ժողովուրդը կորսնցուցած էր իր իրաւական կամ քաղաքական ինքնութիւնը։

Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն հայ ժողովուրդը իր մասնակցութիւնը բերաւ դաշնակիցներու ռազմական ջանքերուն։ 1916 թուականին հնչեց կոչ մը՝ ֆրանսական հրամանատարութեան ներքոյ հայկական լեգէոն մը կազմելու։ Այսպէս ստեղծուեցաւ Արեւելեան Լեգէոնը (յետագային՝ Հայկական Լեգէոն), որուն շարքերը անցան աւելի քան 5000 կամաւորներ։ Հայերը մասնակցեցան Պաղեստինի, Սուրիոյ եւ Կիլիկիոյ ազատագրման գործողութիւններուն։ Ընդհանուր առմամբ շուրջ 50․000 հայեր ծառայեցին Ֆրանսայի, Մեծ Բրիտանիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու բանակներուն մէջ՝ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին վճարելով իրենց բաժին գինը։

1920 թուականը վճռորոշ եղաւ հայկական պետականութեան իրաւական ճանաչման գործընթացին մէջ։ Այդ տարուան ընթացքին Գերագոյն Խորհուրդը դէ ֆաքթօ կերպով ճանչցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, իսկ 1920 թ. Մայիս 3-ին ան ճանչցուեցաւ նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ։ Օգոստոս 10-ին ստորագրուեցաւ Սեւրի դաշնագիրը, որով Օսմանեան Կայսրութիւնը ընդունեց անկախ Հայաստանի գոյութիւնը։ Իսկ 1920 թ. Նոյեմբեր 22-ին ԱՄՆ նախագահ Ուուտրօ Ուիլսըն հրապարակեց իր իրաւարար վճիռը՝ սահմանելով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանները։

Այս բոլոր իրաւական գործողութիւնները միասին կը կազմեն ոչ միայն պատմական փաստերու շղթայ մը, այլ նաեւ ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման ուղղուած իրաւական գործընթացի հիմքը։ Հայաստանը, նոյնիսկ մինչեւ լիարժէք միջազգային ճանաչումը, ունէր կառավարութիւն եւ միջազգային իրաւունքի դերակատարի յատկանիշներ, ինչ որ հնարաւորութիւն տուաւ պահպանելու ազգի քաղաքական գոյութիւնը։

Պէտք է զգօն ըլլալ պատմութեան եւ մեր իրաւունքներու «խաղաղեցման» փորձերուն հանդէպ։ Ոչ մէկ յետագայ համաձայնագիր կրնայ իրաւաբանօրէն չեղարկել Սեւրի դաշնագիրը, որ վաւերացուած է Օսմանեան սուլթանին կողմէ եւ կը շարունակէ գոյութիւն ունենալ միջազգային իրաւունքի շրջանակներուն մէջ։

Պետութեան շարունակականութեան սկզբունքը յստակ է․ պետութիւնը չի վերանար միայն այն պատճառով, որ կը գտնուի բռնագրաւման տակ։ Ազգի իրաւական եւ քաղաքական անձնաւորութիւնը կրնայ պահպանուիլ նոյնիսկ ամէնէն ծանր պայմաններուն մէջ։ Ա՛յս է այն կարեւոր ժառանգութիւնը, որ պարտաւոր ենք փոխանցել երիտասարդ սերունդներուն՝ որպէս գիտելիք, իրաւունք եւ պատասխանատուութիւն։