«Մեր հայրենիքը մեզնից դատարկվեց,
Բայց ոչ մի վայրկյան, ոչ մի ակնթարթ
Մենք չենք դատարկվել մեր հայրենիքից։
Մենք սպանվեցինք մեր հայրենիքում,
Բայց հայրենիքը մեր մեջ չսպանվեց…»
— Պարույր Սևակ
Երբ Պարոյր Սեւակ իր խորիմաստ տողերը կը գրէր «Անլռելի զանգակատուն»-ին մէջ, Երեւանի մէջ տակաւին չկար Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը, եւ տակաւին բաց քննարկումներ ալ չկային ցեղասպանութեան մասին։ Սակայն Սեւակ ցոյց տուաւ, որ պայքարի տարբեր ուղիներ գոյութիւն ունին, եւ անոնցմէ ամենահզօրը ճշմարտութեան ուղղուած խօսքն է։ Իր խօսքով ան կոտրեց լռութեան պատնեշը եւ ճանապարհ հարթեց, որպէսզի խորհրդայնացած հայրենիքի տարածքին մէջ հնչէ ցեղասպանութեան յիշատակը եւ ոգեկոչուին զոհերը։
Պարոյր Սեւակ նախ կը շեշտէ կարեւոր իրողութիւն մը՝ հայրենազրկութիւնը․ «Մեր հայրենիքը մեզնից դատարկուեց», «Մենք սպաննուեցանք մեր հայրենիքին մէջ»։ Այս տողերով ան կ’ընդգծէ, որ ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցած է մեր բազմադարեան հայրենիքի մէջ։ Սակայն անմիջապէս կը յաջորդէ հզօր հակադրութիւնը․ «Բայց ոչ մէկ վայրկեան, ոչ մէկ ակնթարթ մենք չենք դատարկուած մեր հայրենիքէն», «բայց հայրենիքը մեր մէջ չէ սպաննուած…»։ Եթէ հակառակը ըլլար՝ եթէ մենք հոգիով եւ մտքով կտրուած ըլլայինք հայրենիքէն, ապա միայն այդ պարագային ցեղասպանութիւնը պիտի հասնէր իր վերջնական նպատակին։
Ցաւօք, պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ ցեղասպանական մտածողութիւնը չէ վերացած։ Նոյնը տեսանք նաեւ 2023 թուականին, երբ Արցախը դատարկուեցաւ իր բնիկ հայ բնակչութենէն։ Ապրիլի 24-ը կը նշենք որպէս յիշատակի եւ ոգեկոչման օր, սակայն չունինք յստակ օր մը, որ կը սահմանէ այդ ողբերգութեան աւարտը։ Ան չի կրնար ըլլալ, քանի դեռ չկայ ճշմարտութեան ընդունում, զղջում եւ ապաշխարութիւն։
Միտքը յաճախ աւելի զօրաւոր է, քան գործողութիւնը։ Կարելի է գործարքներ կնքել, պայմանագրեր ստորագրել, սակայն եթէ անոնց հիմքին մէջ ինկած մտածողութիւնը չի փոխուիր, վտանգը կը մնայ։ Ցեղասպանական միտքը, երբ չ’արժանանար դատապարտման, ոչ թէ կը թուլնայ, այլ՝ հակառակը, կրնայ նորովի ուժեղանալ։
Այդ պատճառով մեր պարտականութիւնն է մնալ ճշմարտութեան կողմը։ Պէտք է ուժեղացնենք լոյսը, վառ պահենք յիշողութեան կանթեղները, որպէսզի ճշմարտութիւնը տեսանելի դառնայ եւ չկորսուի։ Մոռացութիւնը, զիջումները եւ ճշմարտութենէն հեռանալը միայն նոր վտանգներու կը յանգեցնեն։
Եթէ հայրենիքը «սպաննուի» մեր մէջ, ապա պիտի կորսնցնենք նաեւ լոյսն ու յոյսը։ Իսկ առանց լոյսի՝ ապագայ չկայ։ Պարոյր Սեւակ, սակայն, մեզ կը յիշեցնէ հակառակը՝ հայրենիքը կ’ապրի մեր մէջ եւ նոյնիսկ «կ’ապրի կրկնակի կեանքով»։
Մեր առաքելութիւնն է կառուցել արդարութիւն՝ ճշմարտութեան եւ սիրոյ հիմքերուն վրայ։ Եւ քանի դեռ կը պահպանենք այդ արժէքները, կրնանք վստահ ըսել՝ մենք չենք դատարկուած մեր հայրենիքէն։
Մենք ենք մեր հայրենիքի տէրը։
Մասիս Ինճիճեան
Ապրիլ 17, 2026
